2014-05-15 09:36:06

Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Եազիժի Պատրիարքի միջեւ հանդիպում` Տուպայի մէջ


Արամ Ա. կաթողիկոս եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Եազիժի պատրիարք հանդիպում մը ունեցան Տուպայի մէջ: Հանդիպման ներկայ եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր: Երկու հոգեւոր պետերը նաեւ շեշտեցին հայ եւ յոյն ուղղափառ համայնքներու գործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու կարեւորութիւնը` բոլոր երկիրներուն մէջ: Յայտնենք, որ Ապու Տապիի մէջ հայ համայնքին կողքին նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքը լծուած է եկեղեցաշինութեան աշխատանքի:
Վեհափառ հայրապետը եւ Եազիժի պատրիարքը կարեւորութեամբ ընդգծեցին Էմիրութիւններու մէջ երկու համայնքներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը եւ պատրիարքը Պահրէյնի մէջ մասնակցած էին միջկրoնական միջազգային համագումարին, եւ այդ առիթով ալ ունեցած էին հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ







All the contents on this site are copyrighted ©.